Error Pop-Up - Close Button This group has been designated for adults age 18 or older. Please sign in and confirm your date of birth in your profile so we can verify your eligibility. You may opt to make your date of birth private.

Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը Quotes

Rate this book
Clear rating
Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը by Vasken Chouchanian
9 ratings, 4.33 average rating, 2 reviews
Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը Quotes Showing 1-2 of 2
“— Ոչինչ, ոչինչ,— ըսաւ ուսիս զարնելով,— բոլոր տղաքներուն մէջէն քեզ ամենէն շատ կը սիրեմ... Տղա՛ս, կեանքը քու գիտցածիդ պէս չէ, կը կոտրէ թեւերդ, կը մնաս բոլորին պէս խեղճ փողոցին մէջտեղը, մարդոց առօրեայ հաշիւներուն ու մտահոգութիւններուն մէջ...”
Vasken Chouchanian, Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը
“Խորը պատառատուն հագուստներով ու տառապած դէմքերով մարդիկ, բազմութիւն մը, անժառանգներ գրոհ կու տային յառաջ՝ դէպի ապագան։ Բոլոր ժամանակներու ամբոխն էր, անասուն ու վայրենի, դժբախտ ու այնքան համակրելի իր տառապանքին եւ իր վայրենութեան մէջ։ Կու գային դիզուելով իրարու վրայ, չես գիտեր ուրկէ՞, մութ ու գարշահոտ գռիհներէ, յոգնած ու խարխուլ տուներէ, խոնաւ նկուղներէ ու կը սեղմուէին իրարու գալիք մեծ պայքարին լայն գիտակցութեամբը։ Անոնցմէ ոմանց դէմքերը կը շողային մեծ ու ճակատագրական զգացումի մը լոյսովը։ Ոմանք անզէն էին, ուրիշներ ալ զինուած՝ բահերով, բրիչներով կամ կացիններով։ Կային փոքրիկներ՝ խռիւ մազերով, բայց արդէն վայրենի։ Կիներ, որ կ՚աղաղակէին։ Կային՝ հասարակաց աղջիկներ՝ հէք ու աւրուած դէմքերով ու բոզեր, որոնց աչքերուն մէջ հարուստ արուներուն հանդէպ մեծ ատելութիւն մը կը լայննար։ Անոնք կը պոռային բերաններնին բաց։ Մենք կը զգայինք անոնց աղաղակը կտաւին վրայէն։ Ամբողջ այս ամբոխը ընթացքի մէջ էր։ Կողքը կար լայն ու հանգիստ ճամբայ մը, որ անշուշտ հեռուն պէտք է խրէր ճախճախուտքի մէջ, իսկ քովը՝ նեղ, զառիվեր, վտանգաւոր ու քարքարոտ ուղի մը, որ անշուշտ պէտք է տանէր դէպի վերջնական յաղթանակ։”
Vasken Chouchanian, Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը