(?)
Quotes are added by the Goodreads community and are not verified by Goodreads. (Learn more)

“Խորը պատառատուն հագուստներով ու տառապած դէմքերով մարդիկ, բազմութիւն մը, անժառանգներ գրոհ կու տային յառաջ՝ դէպի ապագան։ Բոլոր ժամանակներու ամբոխն էր, անասուն ու վայրենի, դժբախտ ու այնքան համակրելի իր տառապանքին եւ իր վայրենութեան մէջ։ Կու գային դիզուելով իրարու վրայ, չես գիտեր ուրկէ՞, մութ ու գարշահոտ գռիհներէ, յոգնած ու խարխուլ տուներէ, խոնաւ նկուղներէ ու կը սեղմուէին իրարու գալիք մեծ պայքարին լայն գիտակցութեամբը։ Անոնցմէ ոմանց դէմքերը կը շողային մեծ ու ճակատագրական զգացումի մը լոյսովը։ Ոմանք անզէն էին, ուրիշներ ալ զինուած՝ բահերով, բրիչներով կամ կացիններով։ Կային փոքրիկներ՝ խռիւ մազերով, բայց արդէն վայրենի։ Կիներ, որ կ՚աղաղակէին։ Կային՝ հասարակաց աղջիկներ՝ հէք ու աւրուած դէմքերով ու բոզեր, որոնց աչքերուն մէջ հարուստ արուներուն հանդէպ մեծ ատելութիւն մը կը լայննար։ Անոնք կը պոռային բերաններնին բաց։ Մենք կը զգայինք անոնց աղաղակը կտաւին վրայէն։ Ամբողջ այս ամբոխը ընթացքի մէջ էր։ Կողքը կար լայն ու հանգիստ ճամբայ մը, որ անշուշտ հեռուն պէտք է խրէր ճախճախուտքի մէջ, իսկ քովը՝ նեղ, զառիվեր, վտանգաւոր ու քարքարոտ ուղի մը, որ անշուշտ պէտք է տանէր դէպի վերջնական յաղթանակ։”

Vasken Chouchanian, Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը
Read more quotes from Vasken Chouchanian


Share this quote:
Share on Twitter

Friends Who Liked This Quote

To see what your friends thought of this quote, please sign up!

1 like
All Members Who Liked This Quote



This Quote Is From

Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը by Vasken Chouchanian
9 ratings, average rating, 2 reviews

Browse By Tag