Թուրքերը եւ Մենք Quotes

Rate this book
Clear rating
Թուրքերը եւ Մենք Թուրքերը եւ Մենք by Shahan Natalie
25 ratings, 4.84 average rating, 7 reviews
Թուրքերը եւ Մենք Quotes Showing 1-3 of 3
“Աշխարհի ամէն կողմերը ցրուած հայութեան մասին, անոր գոյութեան պահպանումին շուրջ ինչ ալ գրենք, ինչ ալ փորձենք՝ անօգուտ է։ Ան դատապարտուած է մեռնելու։”
Shahan Natalie, Թուրքերը եւ Մենք
“Օտարին մեղքն ու պատասխանատուութիւնը ժխտած չենք ըլլար երբեք, մեր աղէտներուն մէջ, եթէ կրկնենք ու երեքնենք, որ որքան շատ յոյս դնենք օտարին վրայ, ով կ՚ուզէ ըլլայ այդ օտարը, այնքան քիչ կ՚ըլլայ մեր իրաւունքը օտարի պատասխանատուութեան մասին խօսելու եւ ընդհակառակը։
Ահա այս շատ էական սկզբունքին մէջ է, որ Թուրքերը շատ աւելի խելացի են, քան Հայերը։ Եւ այս սկզբունքի կիրարկումը եղած է անոնց յաղթանակին պատճառներէն մէկը, ինչպէս նաեւ մեր պարտութեան։”
Shahan Natalie, Թուրքերը եւ Մենք
“Եւ ողբալիօրէն միամիտ ըլլալ ու ոճրագործօրէն տգէտ՝ յայտնելու համար, որ Թուրքին շահը մենք Հայերս աւելի լաւ կը ճանչնանք եւ անոր հանդէպ աւելի անկեղծ ենք, եւ այդ առնուազն վերջին քառասուն տարիներու պատմութենէն յետոյ, ահա այն մեր յետամնացութիւնը, որի պատասխանատուն մենք ենք, անկախ անկէ բղխող հետեւանքներու ընթացքին օտար ու արտաքին դաւերէն ու խարդաւանանքներէն։
Թուրքին դաս տալէ առաջ՝ անկէ դաս առնելու շատ պէտք ունինք ազգ ստեղծելու գիտութեան մէջ։”
Shahan Natalie, Թուրքերը եւ Մենք