Զապէլ Եսայեանի Ա. Հատորը կ՚ընդգրկէ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ և ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ, ինչպէս նաև Շուշիկ Տասնապետեանի յառաջաբանը։ Այս հատորը երրորդ հրատարակութիւնն է Դանիէլ Վարուժան Գրական Հիմնադրամի: Հիմնադրամը հաստատուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ, 1985-ի Հոկտեմբերին, նուիրուած Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի 70-ամեակին։