Հրատարակությունն ընդգրկում է Ղազարոս Աղայանի շուրջ երկու տասնյակ հեքիաթներ, այդ թվում՝ հայ հեքիաթագրության լավագույն նմուշներ համարվող «Անահիտը», «Արեգնազանը», «Հազարան բուլբուլը», «Վիշապին հաղթողը», «Եղեգնուհին»:
Այս շարքի իմ ամենահաւնած պատմութիւնը Անահիտն է։ Կարծես 21-րդ դարու համար գրուած ըլլայ։ Իշխանը կը սիրահարի նախիր պահողի աղջկան (ենթադրենք իշխան Հենրին՝ Մեկընին), թագաւորը ստիպուած կը համակերպի եւ խնամախօս կը ղրկէ Անահիտի հօր մօտ, որ կ՛ըսէ թէ համաձայնութիւնը Անահիտը պէտք է տայ, Անահիտն ալ պայման կը դնէ իշխանին արհեստ ունենալը։ Խելացի կին, սեռային հաւասարութիւն, ամուսնին գերութենէ փրկելու կարողութիւն։ Այս պատմուածքով Աղայանին 21րդ դարու կանանց իրաւունքը պաշտպանող հեղինակ կարելի է համարել։ Սակայն, ամէն գրութիւնները այդպէս չեն։ Սարսափելի էր Զանգի Զրանգին, որ եւրոպական հեքիաթներու չարքերու փոխանակած երեխաները կը յիշեցնէ։ Բայց այստեղ փոխանակման խօսք չկայ: Եղբայրը կը բացայայտէ որ իր նորածին քոյրը բոլորի բացակայութեան անկողնէն դուրս կ՛ելլէ եւ ինչ կայ չկայ կ՛ուտէ. տարիներ վերջ (լռելեան կը հասկցուի) ան կերած պիտի ըլլայ ամէն բան, կենդանի եւ նոյնիսկ ծնողքը։ Աւելի ուշ երբ գրեթէ հասած է պահը իր եղբօրն ալ ուտելու ... Այս գրքի տեսքով Հեքիաթը փոքրերու համար է բայց ինչպէս կրնամ քոյրը եղբօր ուտելու եւ եղբայրը քրոջ սպանելու պատմութիւն կարդալ թոռնիկիս?